«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ…»
«Մի՛ գրեր, մի՛ գրեր», ականջիս կ՚ահազանգէ Ձայնը ցաւասարսուռ եւ որոտագին: Տաժանալլուկ ուղեղս կը գալարի, ու ձեռքս չի շարժիր այլեւս:
Բայց Ծնունդի աւետաւոր երգեր կը զուարթահնչեն դուրսը շարունակ, անխոնջօրէն, ցուրտին մէջ, լուսանուաճ մութին մէջ, Հաճութեան, Սիրոյ եւ Եղբայրութեան անուշութիւնը:
«Քեզի համար չեն ատոնք…: Ձեզի չեն պատկանիր այդ երգերը: Նայէ՛ անգամ մը, աչք չունի՞ս», կը գոռայ Ձայնը նորէն, ահաւոր, տիրական ու անդիմադրելի:
Ու կը տխրերկարի աչքերուս առջեւ արիւնածաւալ, դիակահոծ տարածութիւն մը` արցունքներու մէգովը խեղդուած,դամբարանատիպ մռայլակամարին ներքեւ, ուր Աւերումի եւ Սպաննութեան Բորենին սոնքայ աներկեւան: Հոս ու հոն, մահափեռեկ ծերպերու մէջ պահուտած, կամ դիակներու տակ ապաստանած, էակներ կը տեսնուին: Ասոնք կ՚ապրին…: Տե՛ս, աչք կ՚ընեն, բան մը ցույց կուտան իրարու եւ հեգնութեան ծիծաղ մը կ՚այլանդակէ անոնց երեսը:
Աւերումի եւ Սպաննութեան Բորենին կը յառաջանայ, ու մեռելապաստան արարածները ապահով հեռաւորութեան մէջ են հիմա: Արդ` կը խօսին, անվախ կը շարժուձեւեն, կը վիճին, կը պոռպըռտան ու շարունակ բան մը ցոյց կուտան, երբ հեգնութեան ծիծաղը կ՚իյնայ անոնց դէմքին վրայ, ինչպէս արեւաշողը տիղմին:
Օ՜հ, կը հասկնամ…:
Քանի մը մարդիկ, արենավառ Դրօշի մը տակ, ձեռքերուն մէջ զէնքեր, վրիժաբոց աչքերով, գողնտի կը հետապնդեն սոսկավիթխար բորենին:
Բայց այս մարդիկը միասին չեն քալեր,- մէկը` առաջ, երկրորդ մը` մէջտեղ եւ ուրիշ մը` շատ յետամնաց: Դեռ Բորենին հարուածելու հեռաւորութեան չի հասած, «Ա՜հ, հիմա քեզ պիտի սատկացնենք» կը պոռայ անոնցմէ մին: Աւերի Անասունը կը մոլեգնի ու աւելի ահագնօրէն կը չարագործէ իր նախճիրները:
Ու դիակներով պատսպարեալ վախկոտները կը ցցեն դէպի ինքնապաստան ռազմիկները, ու կը խնդան անոնց վրայ դիւահանգոյն:
Վրէժի ուխտաւորները, սակայն, չեն ընկրկիր ու Դրօշը կ՚արնավէտի մթախիտ օդէն վեր:
Բայց յանկարծ իրարու վրայ կը յարձակին, զիրարա կը վիրաւորեն, զիրար կը մեռցնեն: Իրենց դաշոյները եղբայրներու ոսկորները կտրտելով կը բթացնեն: Իւրաքանչիւրը, կարծես, միայն իրեն վերապահել ջանար ոճրառիթ Գազանին սպաննութեան փառքը:
Ու Գազանը կը շարունակէ իր արիւներբուքը, եւ մեռելապաստանները հեռուէն կը խնդան զայն հետապնդողներու իրարատեցութեան վրայ,- կը խնդան պղծահունչ քրքիչներով:
Ռազմիկները կը դեդեւին այլեւս: Անոնց դէմքէն արիւն կը հոսի, եւ ոտքերը ճեղքռտուած են: Բայց զէնքը չի դողդողար անոնց ձեռքին մէջ եւ Դրօշակը կ՚արենավառի անոնց գլխուն վրայ: Իրարու հետ չեն խօսիր, որպէս թէ ոխերիմ թշնամիներ եղած ըլլային: Իրենց կոչը աւերակներու բնակիչներուն կ՚ուղղեն:
«Եկէ՛ք մեր ետեւէն, եկէ՛ք մեր ետեւէն, աջակցեցէ՛ք մե՛զի:»
Ու ասոնք կը խնդան, կը հեգնեն` ինքնագոհ եւ դիւահանգոյն:
Գերութեան մռայլակամարը կը ցածնայ, դիակահոծ տարածութիւնը կ՚ընդարձակի եւ արցունքներու մէգը թանձրախիտ սեւութեան մը կը վերածուի: Այլեւս ոչինչ կը տեսնուի ի բաց առեալ արենավառ Դրօշակը, որուն ներքեւ կանգներ են Վրէժի Կամաւորները, ապառաժի պէս անդրդուելի, պարտասած բայց երբէք չի վհատած: Աւերումը, Կոտորածը ու Արիւնը կը խօսին անոնց ականջին եւ Ողբն ու Կականը չեն դադրիր հնչելէ:
Մինա՜կ, մինա՜կ, մինա՜կ…
Տե՛ս, իրենց աչքերը ահա իրարու կը դարձնեն,- անուշ, կարօտակէզ ու եղբայրական…
Զիրար կը դիտեն, կը ճանչնան, ու երկար, անկուշտ նայուածքներով իրարու կը պլլուին:
Անխառն ուրախութիւն մը եւ գերերկրային հրճուանք մը կը թուին փթթիլ անոնց ցաւաթուրմ դէմքերուն վրայ:
Կը մօտենան, ձեռքեր կ՚երկարեն, ուսերը քով քովի, ու զէնքերը իրարու կցուած: Յայնժամ ցնցում մը կ՚անցնի մեռելահոծ տարածութեան վրայէն, մռայլակամարը կ՚իյնան, արտասուամէգը կը ցնդի ու կապոյտ երկինք մը կ՚արեւաժպտի բոլորին վրայ: Վրէժի կամաւորները կը հսկայանան, կ՚ահաւորնան ու անոնց Դրօշակը անհունածաւալ լայնութեամբ մը կը սաւառնի` ազա՜տ ու համայնապարփա՜կ:
«Մտիկ ըրէ՛» կը փաղաքշէ զիս հիմա Ձայնը, ուրախացունց եւ գգուոտ, «մտիկ ըրէ: Աւետաւոր հրեշտակները կ՚երգեն. Փա՜ռք Նորածին սիրոյն, եղբայր եղբօր հետ հաշտուած է, Փա՜ռք նորածին սիրոյն:»
«Ազատ», Նյու Յորք, 1918, թիվ Ա